2015-11-16 10:05:00

Վիեննայի մէջ համաձայնութիւն` 18 ամիսէն Սուրիոյ մէջ ընտրութիւններու կայացման շուրջ


Շաբաթ, 14 նոյեմբերին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ 20 երկիրներու պատուիրակութեանց մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ 18 ամիս ետք Սուրիոյ մէջ ընտրութիւններու կայացման ճամբու քարտէսի մը շուրջ, սակայն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին հարցը մնաց անլոյծ:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր յայտնեց, որ ժողովին մասնակիցները համաձայնած են 6 ամիսէն Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան մը կազմութեան եւ 18 ամիս ետք ընտրութիւններու կայացման շուրջ:

«Ոչ ոք ինքզինք կը խաբէ մեր դիմագրաւած դժուարութեանց մասին, սակայն լուծում մը գտնելու վճռակամութիւնը անցնող 14 օրուան մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրած է», ըսաւ ան:

Ժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը յայտնեց, որ նպատակը Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները մինչեւ 1 յունուար բանակցութեան սեղանի մը շուրջ միախմբելն է:

Ըստ միացեալ հաղորդագրութեան, սուրիական կողմերուն միջեւ վեց ամիս տեւողութեամբ բանակցութիւններուն նպատակը կազմութիւնն է «հաւաստի, բոլորը ներառող եւ ապայարանուանական» փոխանցման կառավարութեան մը, որ պիտի ճշդէ նոր սահմանադրութիւն մը պատրաստելու ժամանակացոյցը եւ պիտի վերահսկէ 18 ամիս ետք ՄԱԿ-ի հսկողութեամբ ազատ եւ արդար ընտրութեան, որուն մասնակցելու իրաւունք պիտի ունենայ նաեւ սուրիական սփիւռքը:

«Այս քաղաքական հոլովոյթին պէտք է ընկերակցի զինադադար մը: Ատիկա պիտի նպաստէ կարելի եղածին չափ շուտ արիւնահեղութեան դադրեցման եւ կրնայ օգնել արագօրէն ճշդելու համար, թէ ո՛վ կ՛ուզէ ահաբեկիչ նկատուիլ եւ ո՛վ` ոչ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի:

Ժողովականները չկրցան համաձայնութիւն գոյացնել, թէ ՏԱՀԵՇ-էն եւ Քայիտայի առնչակից խմբաւորումներէն զատ ո՛ր խմբաւորումները մասնակից պիտի նկատուին զինադադարին:

«Թէեւ տարակարծիք ենք Պաշշար Ասատի ճակատագիրին շուրջ… համաձայն ենք, որ արդէն ժամանակն է Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան դադրեցման, ժամանակն է ահաբեկիչները զրկելու նոյնիսկ մէկ քիլոմեթր իբրեւ թաքստոց նկատի ունենալէ», ըսաւ Քերրի:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ պատերազմը «չի կրնար վերջ գտնել, այնքան ատեն որ Պաշշար Ասատ այդտեղ է: Պատերազմ մղող ժողովուրդին ընկալումը այդ է»: Սակայն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոր կողքին նստող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ըսաւ, որ տագնապը կամ անոր լուծումը «Ասատի մասին չէ»: «Կարեւոր չէ, եթէ Ասատին հետ ես կամ անոր դէմ: ՏԱՀԵՇ-ը քու թշնամիդ է», ընդգծեց Լաւրով:

Քերրի աւելցուց. «Մենք այստեղ չեկանք մեր հաւաքական կամքը պարտադրելու սուրիացի ժողովուրդին, ճիշդ հակառակը: Սուրիացի ժողովուրդը պիտի եւ պէտք է մեր ջանքերը հաստատողը ըլլայ»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս ըսաւ, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած յարձակումները առաւել կարեւոր կը դարձնեն, որ միջազգային ընտանիքը Սուրիոյ եւ ահաբեկչութեան հարցով հասարակաց մօտեցում մը գտնէ: Անոր ձայնակցեցան Գերմանիոյ, Յորդանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի` մատնանշելով Սինայի մէջ ռուսական օդանաւին ջախջախումը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ Անգարայի մէջ անձնասպանական գործողութիւնները, յայտնեց, որ սեղանին շուրջ նստած երկիրներուն «գրեթէ բոլորն ալ նոյն ցաւը եւ նոյն ահաբեկչութիւնը ապրած են»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.